2008-11-20 13:33:09

Ծիսական ժամանակացոյցը Հինգշաբթի` նոյեմբեր 20 Յիսնակի պահքին Դ օր


Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Ասոր համար ըսած է Աստուծոյ իմաստութիւնը, թէ Մարգարէներ եւ առաքեալներ պիտի ղրկեմ անոնց եւ անոնց մէկ մասը՝ պիտի սպաննեն ու պիտի հալածեն, որպէսզի պահանջուի՛ բոլոր այն մարգարէներուն արիւնը, որ աշխարհի սկիզբէն ի վեր, (մարդկային) այս սերունդի կողմէ թափուած է Աբէլի արիւնէն սկսած, մինչեւ Զաքարիայի արիւնը, որ զոհարանի եւ տաճարի միջեւ սպաննուեցաւ, այո՛ կ՛ըսեմ ձեզի, պիտի պահանջուի՛ այդ՝ այս (մարդկային) սերունդէն։ Վա՜յ ձեզի, օրինագէտներուդ, որովհետեւ իտութեան բանալիները կը ծածկէք, դո՛ւք չէք մտներ եւ արգե՛լք կ՛ըլլաք ներս մտնողներուն։ Մինչ ան այս բաները կը խօսէր ամբողջ ժողովուրդին առջեւ, ամօթով կը լեցուէին դպիրներն ու փարիսեցիները եւ բարկութեամբ լի, բազմաթիւ հարցերու կապակցութեամբ՝ տաք վիճաբանութեան մէջ մտան անոր հետ, եւ որսալ կը յուսային զինք, անոր բերնէն ելած արտայայտութիւններով, որպէսզի չարախօսութիւն ընէին անոր մասին։

Աւետարանական ծանօթութիւն

Յովհաս թագաւորը – Գոդողիա թագուհիին յաջորդած էր 861-ին Ք.Ա., եօթը տարեկանին, սպաննել տուաւ Զաքարիա մարգարէն տաճարի գաւիիթին մէջ, որովհետեւ կը յանդիմանէր անոր եւ ժողովուրդին անհաւատարմութիւնը` Աստուծոյ հանդէպ։

Պահոց ԲՁ Շարականէն

Բազմագութ Տէր, հողեղէններուս անսայ, հեռացուր մեզմէ ցասումդ, խնայէ մեզի եւ կորուստի մի մատներ զմեզ։

Յանցանքներուս վրայ զղջալով, մաքսաւորի նման կը գոչեմ. Աստուած ներէ մեղաւորիս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.